ՄԵՐ ԽՕՍՔԸ
Նոր Սերունդ Մշակութային միութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով Լոնտոնի մէջ կը կազմակերպէ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակակից աչքառու շարք մը նկարիչներու ցուցահանդէսը, "Հայկական Գոյներ" ընդհանուր խորագրով:
Կազմակերպելով սոյն ցուցահանդէսը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը կը միտի Լոնտոնի արուեստասէր հասարակութեան ծանօթացնելու Հայկական ժամանակակից նկարչութիւնը:
"Հայկական Գոյներ" ցուցահանդէսը 1974–էն ի վեր կը կազմակերպուի աշխարհի տարբեր քաղաքները, ինչպէս՝ Պէյրութ, Փարիզ, Մարսէյ, Հելսինքի, Թորոնթօ, Մոնդրէալ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Լոս Անճելըս, Տիթրոյթ եւայլն, իսկ այս օրերուն Լոնտոն:
Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը իր մէջ կը հաշուէ աւելի քան 600 Փրոֆեսիոնալ նկարիչներ: Լոնտոնի "Հայկական Գոյներ" ցուցահանդէսին կը մասնակցին 16 նկարիչներ տարբեր գործերով: Անոնք իրենց ստեղծագործութիւններով շարունակողներն են Հայկական գեղանկարչութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն: Սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը որպէս ինքնուրոյն դիմագիծ ունեցող արուեստագէտ ունի իր սեփական դիմագիծն ու ոճը եւ կ'աշխատի իր առջեւ դրուած խնդիրները իւրովի լուծելու:
"Հայկական Գոյներ" ցուցահանդէսին իրենց գործերով մասնակցող արուեստագէտներ Միջազգային ասպարէզի մէջ եւս գտած են իրենց ուրոյն տեղն ու դիրքը:
"Հայկական Գոյներ" ցուցահանդէսը Լոնտոնի արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ մօտ 100 նկարներով: Բոլոր 16 նկարիչներն ալ կը պատկանին յետ պատերազմեան սերունդին, բացառութեամբ Վաղարշակ Էլիբէկեանի, որը գեղանկարչութեամբ սկսաւ զբաղիլ 1970էն յետոյ, հաստատուելով Երեւան (Թիֆլիսէն) եւ Յակոբ Յակոբեանէն, որ իր գոյները գտաւ 60ական թուականներուն, Եգիպտոսէն վերադառնալով հայրենիք: Արդ հասարակութիւնը դիտելով կրնայ պատկերացում ունենալ ընդհանրապէս Խորհրդային Հայաստանի յետ պատերազմեան գեղանկարչութեան նուաճումներուն:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը կազմակերպելով սոյն ցուցահանդէսը կը ձգտի նաեւ Անգլիահայ գաղութին տալ աւելի խորունկ Ազգային արդար հպարտութեան երջանկութիւնը: Վստահ ենք որ հեռաւոր ափերուն վրայ հասակ առած նոր սերունդը, դիտելով "Հայկական Գոյները" հաղորդակից պիտի դառնայ հայկական արժէքներուն եւ աւելի ամուր պիտի կառչի իր արմատներուն:
Համոզուած ենք որ "Հայկական Գոյներ" ցուցահանդէսը Լոնտոնի մէջ գեղարուեստական – գեղագիտական տասնօրեակի մը յայտնութիւնը պիտի ըլլայ, ինչպես նաեւ հայկական օրերու տօնահանդէս մը:
Նոր Սերունդ Մշակութային Վարչութիւն
Լոնտոն, Դեկտեմբեր, 1986