12–16 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 1985
Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 1985ի իրիկունը, «Էրեբունի» հրատարակչատունը, Լոս Անճելըսի «Հոլիվուտ» պանդոկին մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն ծանօթացուց հայրենի վարպետ ձեռնկարիչ-արուեստագէտ Ռուտոլֆ Խաչատրեանը։
Ռուտոլֆ Խաչատրեան Լոս Անճելըս կը գտնուի «Էրեբունի» հրատարակչատան հրաւէրով, որպէսզի անձամբ ներկայ ըլլայ իր նկարներու ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ 12–16 Նոյեմբեր 1985ին, «Հերիթէյճ» կալըրիի մէջ, կազմակերպութեամբ նոյն հրատարակչութեան։
Մամլոյ ասուլիսին, Ռուտոլֆ Խաչատրեան աւելի քան մէկ ժամ զրուցեց հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ, պատասխանեց անոնց հարցումներուն, տուաւ տեղեկութիւններ իր եւ հայրենի այլ արուեստագէտներու աշխատանքներուն շուրջ։ Խօսեցաւ հայրենի նշանաւոր նկարիչ եւ քանդակագործ Երուանդ Քոչարի մասին, որուն հետ գործած է տարիներով ու անկէ սորված արուեստի բազմաթիւ գաղտնիքներ, որոնց վրայ աւելցուցած է հետագային իր փորձառութենէն բխած նոր գաղտնիքներ։
Նկարելու համար կ՚օգտագործէ մատիտը եւ գիծը եւ գիծով կը ստեղծէ իր հոյակապ նկարները։
Ռուտոլֆ Խաչատրեան ծնած է Երեւան եւ 14 տարիներէ ի վեր կը ստեղծագործէ Մոսկուայի մէջ, միշտ պահելով կապը հայրենիքի հետ՝ ուր տարեկան մէկէ աւելի ցուցահանդէսներ կ՚ունենայ։ Անդամ է Խորհրդային Միութեան Նկարիչներու Միութեան եւ 1984ին արժանացած է Հայաստանի Պատուաւոր նկարիչի տիտղոսին։
Առաջին խորհրդահայ նկարիչն է, որ Ամերիկայի մէջ անհատական ցուցահանդէս մը կ՚ունենայ։ Կը սպասուի, որ մեր գաղութի արուեստասէր ժողովուրդը ներկայ ըլլայ ցուցահանդէսին եւ անոր գործերը տեսնելէ ետք, գնահատէ արուեստագէտը։