ԼՐԱԲԵՐ — ՇԱԲԱԹ, ՆՈՅԵՄԲԵՐ 16, 1985, 48-ՐԴ ՏԱՐԻ, ԹԻՒ 6
ՌՈՒՏՈԼՖ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆԻ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՊԱՍՏԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ
Heritage ցուցասրահը, Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 12-ի երեկոյեան, արուեստասէր հասարակութեան համար նեղ կու գար: Տաղանդաւոր գեղանկարիչ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի գործերու բացումը, որ տեղի կ՚ունենար վերոյիշեալ ցուցասրահին մէջ, ներկաներուն կը պատճառէր միայն հիացմունք:
Խաչատրեան արուեստի այս մարզին մէջ հասած է այնպիսի տեղ մը, որ միայն իրեն կը պատկանի. հասած է բարձունքի մը, որ ինք անհանգ յայտնաբերած ու նուաճած է:
Յիշեալ ցուցահանդէսի բացման օրը, ամերիկեան հեռատեսիլի ծանօթ ընկերութիւններէն INN-ը նկարահանեց եւ պատրաստեց մօտ մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ֆիլմ, որուն մէկ մասը հաղորդուեցաւ հեռատեսիլի թիւ 5 եւ 13 կայաններէն:
Ռուտոլֆ Խաչատրեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը կը զուգադիպէր ԱՄՆ-ի եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավարներու Ժընեւի մէջ ունենալիք հանդիպման նախօրէին, եւ ան կու գար անուղղակիօրէն նպաստելու երկու երկիրներու ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման:
Այս առթիւ մեր խորին շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք «Էրեբունի» հրատարակչութեան, որ նման արուեստի բարձր մակարդակով ցուցահանդէսի մը նախաձեռնողը հանդիսացաւ:
[Подписи к фотографиям:]
Ռուտոլֆ Խաչատրեանի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութենէն Պահեր
Հարցազրոյց հեռատեսիլի հետ. անգլերէնի թարգմանութիւնը կը կատարէ դոկտ. Յենիկ Քէշիշեան:
Ռիչըրտ Պել (պատասխանատու ամերիկեան մամուլի յարաբերութեանց) եւ արուեստագէտը:
Ռուտոլֆ Խաչատրեան կը մակագրէ ինքնանկարը:
Գերշ. Տէր Վահէ Արք. Յովսէփեան եւ «Էրեբունի» հրատարակչատան տնօրէն Վ. Գարակէօզեան:
Պահ մը ցուցասրահի բացումէն:
Ցուցահանդէսի բացումը կը կատարէ Heritage ցուցասրահին տէրը, կեդրոնը՝ արուեստագէտը: