Առաջին անգամը չէ որ հայրենի արուեստագէտներ կամ մշակոյթի գործիչներ շրջապտոյտի կ՚ելլեն դէպի արտասահմանի հայահոծ գաղութները, բերելով իրենց հետ իրենց տաղանդի ստեղծագործութիւններուն կողքին, շունչը հայրենիքին եւ ողջոյնները՝ Արարատի կենարար շուքին ներքեւ շինարար աշխատանքի լծուած մեր արեւելահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն։
«Կանացի Դիմանկար» (1981)
Հայաստանի հողին վրայ հասակ առած եւ էրզրումցի ծնողներէ սերած Ռուդոլֆ Խաչատրեանը կը ներկայանար տիթրոյթահայութեան որպէս լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը հայ հանճարի, եւ ամենէն փայլուն աստղերէն, անկասկած, միջազգային չափանիշով դիմանկարի արուեստին։
Հինգշաբթի երեկոյեան, Հոկտ. 17, 1985, Ռուդոլֆի գեղարուեստի նմոյշներուն ցուցադրութիւնը Տիթրոյթի Ս. Յովհ. Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ, նախաձեռնութեամբ սոյն Եկեղեցւոյ Արուեստի Յանձնախումբին, կու տար փաստը մեծատաղանդ արուեստագէտի վիթխարի վաստակին, առընչելով քաղաքիս ամենէն նրբաճաշակ արուեստի գործիչները, քննադատներն ու գեղարուեստի խնկարկուները։
Արուեստասէր հիւրերուն մէջ աչքի կը զարնէին հայ մշակոյթը գնահատող ու հովանաւորող տիտաններէն՝ Տէր եւ Տիկ. Ալեք Մանուկեանները, որոնք, շատ յաճախ, Միշիկընի խստաշունչ ձմրան սառնամանիքները անգոսնելով ներկայ կ՚ըլլան մշակութային ձեռնարկներու, քաջալերելու համար հայ մշակոյթի գործիչները։
Ռուդոլֆ Խաչատրեանի ի պատիւ տրուած հիւրասիրութենէն ետք, խօսք կ՚առնէր Ս. Յովհ. Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Գեղարուեստի Յանձնախումբի անդամներէն եւ յայտնի մտաւորական Պր. Երուանդ Ազատեանը, բարեգալուստի ու ողջոյնի ջերմ խօսքերով, եւ ապա կը ներկայացնէր սոյն Յանձնախումբի ժրաջան ատենապետ՝ Տոքթ. Կարապետ Պէլեանը։
Արուեստի մասնագէտ, քննադատ եւ գեղարուեստի գործերու ու նշխարներու ճոխ հաւաքածոյի տէր Տոքթ. Պէլեանը դրուատիքով խօսեցաւ Ռուդոլֆ Խաչատրեանի գեղարուեստական վաստակին եւ արժանիքներուն մասին, զայն դասելով գագաթ մը դիմանկարի նուրբը ու խրթին արուեստին մէջ, «լաւագոյններէն մէկը ամբողջ աշխարհի»։
Ռուդոլֆ չ՚օգտագործեր բազմերանգ շպարներ իր արուեստ գործերուն մէջ, այլ կը գոհանայ պարզ մատիտով մը, արտադրելու համար իր գծանկարային գլուխ-գործոցները։
«Էրեբունի» հրատարակչատան տնօրէն եւ բանաստեղծ Վարդերես Գարակէօզեանի ընկերակցութեամբ Տիթրոյթ ժամանելէն ի վեր, Ռուդոլֆ Խաչատրեան գործի լծուեցաւ գծանկարելու քաղաքս կարգ մը ազգայիններուն դիմանկարները։
Տիթրոյթ կեցութեան օրերուն, մեծ արուեստագէտը այցելութիւն մը տուաւ քաղաքի թանգարանին (Տիթրոյթ Ինսթիթիւթ աւ Ֆայն Արթս), որ հինգ լաւագոյններէն մէկը կը համարուի ամբողջ Ամերիկայի մէջ, մեծապէս տպաւորուելով ճոխ հաւաքածոյէն։
Ուրբաթ, յետ միջօրէին, Պր. Խաչատրեան այցելեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Ալեք Մանուկեան Վարժարանը եւ հակիրճ պատգամ մը տուաւ ուսանողութեան։ Այդ առիթով ան արտադրեց դիմանկարը աշակերտուհիի մը (Լինտա Կոտոյեան) եւ պատասխանեց կարգ մը հարցումներու։ Ան ապա այցելութիւն մը տուաւ Ս. Յովհ. Մկրտիչ ոսկեգմբէթ եւ գեղակերտ Եկեղեցւոյ համալիրին։
Ռուդոլֆ Խաչատրեանի այցելութիւնը Տիթրոյթ կը հանդիսանայ այս քաղաքի մշակութային ձեռնարկներուն ամենէն պայծառ էջերէն մէկը, որ կը թողու իր անջնջելի հետքը մշակոյթով հետաքրքրուող եւ գեղարուեստի թանկարժէք գործերը գնահատող մարդոց միտքերուն վրայ։ Կը շնորհաւորենք Ս. Յովհ. Մկրտիչ Եկեղեցւոյ Արուեստի Յանձնախումբին անդամները այս ձեռնարկին համար։
Ա. ՉԷԼԷՊԵԱՆ
Ռուդոլֆ Խաչատրեան - Ինքնանկար